Վայրը
Զարմանազան 2026-ը տեղի պիտի ունենայ «Sainte-Croix des Neiges» գիշերօթիկ վարժարանին օթեւանը՝ Ֆրանսայի Ապոնտանս (Abondance) գիւղաշրջանին մէջ։ Ապոնտանսի ձորը (Vallée de l’Abondance) կը գտնուի Զուիցերիոյ սահմանին մօտ։ Օդանաւով ժամանող մասնակիցները պիտի հանդիպին Զուիցերիոյ Ժընեւի օդակայանը։
Գիշերօթիկ վարժարանը մեծ խումբեր ընդունելու լաւագոյն պայմանները ունի։
Մասնակցութեան սակ
Եւրոպա, Մեծ Բրիտանիա:
1200€
Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա:
1500€
Միջին Արեւելք, Թուրքիա, Արժանթին:
900€
Այլ վայրերու համար կը խնդրենք կապ հաստատել մեզի հետ։:
Նոյն ընտանիքէն երկրորդ երեխային մասնակցութեան պարագային 10%, իսկ երրորդ երեխային մասնակցութեան պարագային 20% զեղչ կը գործէ։
Սակին մէջ ընդգրկուած են՝
Կեցութեան եւ ծրագրի գործադրութեան ծախսերը,
Լուացքի ծախսերը,
Ժընեւի օդակայանին եւ ճամբարին միջեւ հանրակառքով երթուդարձին ծախսերը,
Բոլոր շրջապտոյտներուն եւ աշխատանոցներուն ծախսերը։
Սակին մէջ չեն ընդգրկուած՝
Ժընեւի օդակայան հասնելու եւ վերադարձի գնացքի կամ օդանաւի տոմսակներուն ծախսերը,
Ճամբորդութեան արտօնագիրերու (վիզաներու եւ այլն.) ծախսերը,
Ճամբորդութեան ջնջումի կամ ճամբրուկի կորսուելուն դէմ ապահովագրութիւններու ծախսերը,
Անչափահաս պատանիներու ընկերակցելու սպասարկութեան ծախսերը (որոնք կրնան տարբերիլ օդանաւային մէկ ընկերութենէն միւսը),
Անհատական առողջական ապահովագրութեան ծախսերը, ներառեալ՝ վերադարձէն յետոյ կատարուելիք ծախսերը (ՊԱՐՏԱԴԻՐ),
Անհատական եւ անձնական պատասխանատուութեան ապահովագրութեան ծախսերը (ՊԱՐՏԱԴԻՐ),
Գրպանի դրամ (այս մէկը ՊԱՐՏԱԴԻՐ ՉԷ),
Դրամատան եւ Paypal-ի փոխանցումներուն ծախսերը։
Կարեւոր հարցումներ
Օդակայան ժամանելու եւ մեկնելու ընթացքը ինչպէ՞ս կը կազմակերպուի։
Երբ տոմսակները կը գնէք, ձեզմէ կը խնդրենք մասնակիցներուն թռիչքներուն տուեալները։ Զարմանազանի աշխատակազմէն անձեր պատրաստ կը գտնուին օդակայանը՝ դիմաւորելու համար բոլոր մասնակիցները, որոնք կ՚անցնին ապահովութեան կէտէն եւ կ՚առնեն իրենց ճամբրուկները։ Եթէ ուշացում կամ ջնջում պատահի, նոյնպէս մենք կ՚աջակցինք մասնակիցներուն։
Վիզայի պէտք ունիմ։ Ինչպէ՞ս կրնամ հայթայթել։
Երբ ձեր դիմումը ընդունուի եւ ձեր անցագիրը ուժի մէջ ըլլայ, կը ղրկենք պաշտօնական հրաւէր մը, որպէսզի վիզայի դիմումին ընթացքին կարենաք ներկայացնել։ Շէնկէն վիզայի պէտք պիտի ունենաք։ Ժամանումը Զուիցերիոյ Ժընեւ օդակայանը պիտի ըլլայ, որ կը գտնուի Շէնկէնի տարածքին մէջ։
Անհրաժեշտ դիմումները ձեր երկիրին մէջ ամբողջացնելը ձեր պատասխանատուութիւնն է, մենք միջամտելու առիթ չունինք։
Անչափահաս զաւակիս օդանաւով ճամբորդելը ինչպէ՞ս կրնամ կազմակերպել։
Օդանաւային իւրաքանչիւր ընկերութիւն առանց ուղեկցողի ճամբորդող անչափահասներուն համար իրեն յատուկ օրէնքները ունի։ Ոմանք անչափահասներու համար ուղեկցող անձեր կը հայթայթեն։ Երբ տոմսակը կը գնէք, այս նիւթը օդանաւային ընկերութեան հետ ճշդելը ձեր պատասխանատուութեան տակն է։
Ժամանելու կամ մեկնելու օրը կարելի՞ է փոխել։
Եթէ փոխադարձ համաձայնութեամբ բացառիկ պարագաներ գոյութիւն չունին, մասնակիցները չեն կրնար փոխել իրենց կեցութեան օրերը։
Ծնող մը կամ բարեկամ մը կրնա՞յ մասնակիցին ընկերակցիլ մինչեւ կեցութեան վայրը։
Կեցութիւնը կը սկսի այն պահուն, երբ մասնակիցը օդակայանը կամ կայարանը կը դիմաւորուի։ Որպէսզի բոլոր մասնակիցները նոյն պայմաններու մէջ գտնուին, չենք կրնար արտօնել որ ծնող մը կամ բարեկամ մը մասնակիցին ընկերակցի մինչեւ կեցութեան վայրը։
Հազար ու մէկ աշխարհ Ընկերակցութեան մասին՝
Այս ընկերակցութիւնը ֆրանսական ոչ-շահաբեր կազմակերպութիւն մըն է, որուն նպատակը մասնաւորապէս արեւմտահայերէնի գործածութիւնը եւ փոխանցումը տարածելն է։ Զարմանազանի մանկավարժական, նիւթական, ապահովական բոլոր կէտերուն համար ընկերակցութիւնը պատասխանատուն է ֆրանսական օրէնքի եւ Ֆրանսայի Երիտասարդութեան եւ Մարզանքի նախարարութեան դիմաց։ Հետեւաբար, արձանագրութեան եւ Զարմանազանի կազմակերպութեան բոլոր ընթացքներուն պաշտօնապէս նշուած է Հազար ու մէկ Ընկերակցութիւնը։