Զարմանազանը ստեղծագործական մօտեցում ունեցող լեզուական խտացեալ ծրագիր մըն է։
Իր մանկավարժական հիմքով լեզուն կը զետեղէ առօրեայ կեանքին եւ բոլոր յաւելեալ աշխատութիւններուն կեդրոնը։ Զարմանազանին մասնակցելու համար լեզուական որոշ մակարդակ մը չի պահանջուիր։




Զարմանազանը որո՞նց համար է։
Զարմանազանը բաց է Սփիւռքի բոլոր պատանիներուն, երիտասարդներուն եւ ուսուցիչներուն։
Իւրաքանչիւր մասնակից իր կշռոյթին համաձայն կը քաջալերուի նախաձեռնող ըլլալու, կարողութիւնները զարգացնելու եւ հաւաքաբար ստեղծագործելու։
Կան նաեւ բազմատարիքային աշխատանոցներ։ Առօրեայ կեանքին բոլոր պահերը՝ միասնաբար կը կատարուին ու կ՚ապրուին։
Լեզուին մէջ կատարելապէս սուզուելու հեռանկարով՝ կը ստեղծենք մթնոլորտ մը, ուր արեւմտահայերէնը, խօսակցական կամ գրաւոր, ըլլայ հաղորդակցելու եւ ստեղծագործելու բնական միջոց մը։ Աշխատանոցներէն ներս լեզուն ներկայ է իր բոլոր երանգներով։






Երիտասարդները հրաւիրուած են Զարմանազանի կազմակերպչական գործունէութեան իրենց ներդրումը բերելու, անոր առօրեայ կեանքին մէջ գործօն դեր մը ստանձնելու եւ եթէ փափաքին՝ պատանիներուն ուղղուած աշխատանոցներէն ներս ուղեկիցներուն հետ գործակցելու։
Այս ծրագիրը նախատեսուած է արեւմտահայերէնի ներկայ եւ ապագայ ուսուցիչներուն համար, որոնք կը դասաւանդեն Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն մէջ, ինչպէս՝ Եւրոպա (Պուլկարիա, Կիպրոս, Յունաստան), Միջին Արեւելք (Լիբանան, Սուրիա, Յորդանան, Եգիպտոս, Թուրքիա, Իսրայէլ), Ամերիկաներ (Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Արժանթին, Ուրուկուայ, Պրազիլ) եւ Աւստրալիա։
Ծրագրին հիմնական նպատակն է Սփիւռքի հայոց լեզուի ներկայ եւ ապագայ ուսուցիչներուն մասնագիտական պատրաստութիւնը բարելաւել՝ զանոնք իրազեկ դարձնելով մանկավարժութեան ժամանակակից նրբութիւններուն եւ պատասխանատու դարձնելով անձնական շարունակական զարգացման։




